2014-03-01 09:10:42

Ուքրանիա կը պահանջէ ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստ գումարել` Խրիմի հարցը քննարկելու համար։


Ուքրանիոյ պաշտօնանկ եղած նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ երէկ Ռուսիոյ Տոնի Ռոստով քաղաքին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց.«Մտադիր եմ շարունակել պայքարը Ուքրանիոյ ապագային համար` ընդդէմ անոնց, որոնք վախցնելով, ահաբեկելով կը փորձեն «հեծնել» զայն»:
«Զիս ոչ ոք պաշտօնանկ ըրած է, ես ստիպուած էի լքելու Ուքրանիան` իմ եւ հարազատներուս կեանքին սպառնացող անմիջական վտանգին տակ», ըսաւ Եանուքովիչ:
Ան նշեց, որ «Ուքրանիոյ մէջ իշխանութիւնը բռնագրաւած են ազգայնական, Ֆաշական «անգիտակից երիտասարդները», որոնք Ուքրանիոյ բնակչութեան բացարձակ փոքրամասնութիւնը կը կազմեն»:
Եանուքովիչ ըսաւ, որ ներկայ կացութեան ելք կը նկատէ միջազգային միջնորդներու մասնակցութեամբ 21 փետրուարին ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարումը, սահմանադրական բարեփոխման անյապաղ սկիզբը եւ աւարտը սեպտեմբեր 2014¬ին, որմէ ետք նախագահական ընտրութիւն` դեկտեմբեր 2014¬ին եւ նոր սահմանադրութեան որդեգրում:
Եանուքովիչ նշեց, որ «Ուքրանիոյ մէջ պատահածը Արեւմուտքի անպատասխանատու կեցուածքին արդիւնքն է»` աւելցնելով, որ ինք անակնկալի մատնուած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին չէ հակազդած: «Վլատիմիր Փութինի նկարագիրին ծանօթ ըլլալով` ապշած եմ, որ տակաւին այսպիսի ինքնազսպումով լուռ կը մնայ», ըսաւ ան:
Աւելի ուշ Քրեմլին յայտարարեց, որ Փութին արեւմուտքցի ղեկավարներու հետ կապ հաստատած է` շեշտելու համար «բռնարարքներու յաւելեալ մագլցում չարտօնելու ծայրայեղ կարեւորութիւնը»:
Մինչ այդ, զինուորներ Խրիմի Սեպաստոփոլ եւ ՍիմՖերոփոլ քաղաքներու օդակայանները առին իրենց վերահսկողութեան տակ: Ըստ «Մայատին»¬ի, զինեալներ գրաւած են Խրիմի Պալաքլաւա քաղաքին մէջ Ուքրանիոյ ծովուժին ռազմակայանը:
Ուքրանիոյ նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Ալեքսանտր Թուրչինով խորհրդարանի նիստին ժամանակ յայտնեց, որ Ազգային անվտանգութեան ու պաշտպանութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ հրաւիրեց` քննարկելու համար Խրիմի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Ան պաշտօնազրկեց ուքրանական բանակի սպայակոյտի պետը:
Ուքրանիա նաեւ պահանջեց ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստ հրաւիրել` Խրիմի հարցը քննարկելու համար:
Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարար Արսէն Աւագով յայտնեց, որ Խրիմի մէջ «Պելրպեք» (Սեպաստոփոլ) եւ ՍիմՖերոփոլ օդակայանները գրաւած են ռուսական նաւատորմիղի ստորաբաժանումները: Աւագով Խրիմի մէջ տեղի ունեցածը Ռուսիոյ կողմէ ներխուժում եւ բռնագրաւում նկատեց: Ռուսիոյ Սեւծովեան նաւատորմը հերքեց օդակայաններու գրաւման մեղսակցութիւնը








All the contents on this site are copyrighted ©.